2016-03-26 10:03:00

Աւագ Շաբաթ` Զատկուայ հսկումի արարողութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 26 մարտ 2016-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ,  Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումի արարողութիւնը ապա վաղը` Կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան 10.00ին  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ հանդիսաւոր սուրբ պատարագը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն,  համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական առաքելական պատգամն ու օրհնութիւնը։

Հայոց Եկեղեցւոյ մօտ Աւագ Շաբաթ առաւօտեան՝ Թաղման կարգի յիշատակումն է, իսկ երեկոյեան՝ մարգարէական գիրքերու ընթերցումը, ապա Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը: Աւագ Շաբթուայ ծիսական արարողութիւնները հարուստ են մարգարէական ընթերցումներով, աւետարանական հատուածներով, առաքելական թուղթերով, ինչպէս նաեւ սաղմոսներով, քարոզներով, շարականներով, նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի երգերով, որ մեծապէս կը ճոխացնեն մեր Եկեղեցւոյ ծիսական այս կարեւոր ժամանակաշրջանը: 
Կիրակի՝ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան Տօնն է, որ նաեւ կը կոչուի Զատիկ Յարութեան: Հին Կտակարանի Պասէքի տօնը քրիստոնէութեան մէջ վերածուած է Քրիստոսի Յարութեան տօնին, որովհետեւ ան Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածորդոյն տնօրինական կեանքի փրկչական առաքելութեան պսակումն է և Հայ Եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներուն մեծագոյնը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.